Հղում

Բարի սովորոյթներ — Յակոբ Միքայէլեան:

Ես սովորութիւն ունիմ շէնքի աստիճաններուն վրայ դէմս ելլողին «բարի լոյս» կամ «բարեւ» մը ըսել, մեր հալէպեան սովորոյթները այստեղ կրկնելով, սակայն բարեւդ կա՛մ օդը կը մնայ, կա՛մ ալ անակնկալի եկած մէկուն նման՝ քիթին տակէն բան մը կը պատասխանէ, թերեւս ալ մտքերնէն կ՛ըսեն՝ այս ինչ տարօրինակ մարդիկ են սուրիացիները, առանց ճանչնալու կը բարեւեն:

Պատասխանել մեյլով