Ինչ֊որ մէկը… ու կարօտ

— Դեռ քնած չէ՞ս։
— Ոչ։
— Կը խանգարէ քեզի… բան մը… երեւի…
— Բան մը չէ… մէկը։
— Ո՞վ…
— Ես
— Հը՞
Պահ մը լռութիւն…
— Ինչո՞ւ ատանկ զարմացած կը նայիս։
— Զարմանալի ես, ատկէ է։ քմծիծաղ
թարս նայուածք մը…
…Չէ լաւ, այսպիսի ինքս֊ինձ֊հետ խօսակցութիւններ միշտ կʼունենամ… ըսենք՝ ամէն օր, ան ալ երկու անգամ։
ինչեւէ… Վերջը նայինք։
— Ծո տղա՛յ, հետդ կը խօսիմ, գոնէ հօս նայիր։
— Ի՞նչ է դարդդ։
— Ժամին նայա՞ծ ես գոնէ
— Ահա… 03:33:33 AM…
Նորէն՝ պահ մը լռութիւն…
— Եթէ բան մը կայ, ըսէ
— Բան մը չէ… սուր հայացք… մէկը՝ դո՛ւն։
— Ե՞ս ապշած հայացք մը
— Այո՛, դո՛ւն, այսինքն ես, այսինքն մենք… Արդէն երկար ժամանակ է ինչ մէջս կʼապրիս։
— Փաստօրէն ես, այսինքն դուն, քեզի կը խանգարես։
— Փա՜ռք, որ հասկցար։
— իսկ ինչո՞ւ ինքդ քեզ կը խանգարես, գիտե՞ս…
— Որովհետեւ չեմ ուզեր ուրիշներուն խանգարել…
— Վերջապէ՜ս հասկցար… ինչքան ուշ կը հասկնաս դուն հա՜
— Դուն ես մեղաւորը…
— Մեղա՜, ե՞ս, այսինքն՝ նորէն դուն հա՞
— Այո, նորէն ես…

Ու այստեղ հասկցայ, որ մեղաւորը միայն ու միայն Ինքն է ես եմ… չնայած քիչ մը դժուար է այն հասկնալ 18 տարեկան հասակին, սակայն ընդունենք այն, որ այդքան ալ յաջող կեանք չեմ ունեցած։

— Ինչո՞ւ կու լաս
— Ե՞ս, ոչ, ես չեմ լար
— Վատ բան մը չի կայ լալու մէջ… վա՞խ, թէ՞…
— Կարօտ…
— Մեկո՞ւմը
— Աւելին, քան մէկը… Հայրենիքս կը կարօտնամ…

Չէ լաւ, լուրջ, Երեւանէն Հայաստանէն դուրս 2 ամիս այդքան ալ հեշտ բան չէ, ինչքան կը պատկերացնէի…

Պատասխանել մեյլով