Պիտակների պահոցները՝ Արեւմտահայերէն

Ասք ժամացոյցների մասին

Անցեալ տարի Ամանօրի կողմերն էր, ես ու Լիլիթը որոշեցինք մեզ ուրախացնելու համար նուէրներ առնել առցանց խանութներէն, եւ իհարկէ ամէն ինչ առանք Աստղային Պատերազմների ոճի մէջ։ Աստղային Պատերազմների գուլբաներ, Աստղային Պատերազմների ժամացոյցներ, եւ անուշտ նաեւ թիշըրթներ։

Ես շատ ուրախացած էի ժամացոյցներուն համար, քանի որ ահագին ժամանակ է տարուած եմ ժամացոյցներով եւ ամէն օր կը մտածեմ «աման մէկ հատ ալ ժամացոյց որ ունենամ, ալ աւելի ուրախ կ՚ըլլամ»։ Անշուշտ բոլորս ալ գիտենք որ հեչ ալ ուրախ պիտի չ՚ըլլամ, հալա ինքս ինձի պիտի ըսեմ «ըհը, աս ալ հաւաքեցի, յալլա յաջորդը առնելու, տեսնաս ո՞րմէկը դեռ չունիմ, ո՞րմէկը ինձի պիտի ուրախացնէ» ու այս նոյն պատմութիւնը նորէն ինքնիրեն կը կրկնէ։

Ժամացոյցը հասաւ, բայց ճիշտը որ ըսեմ՝ Լիլիթին համար էր, ինքը շատ կը սիրէ R2-D2֊ին։ բայց ինչ կուզես ըրէ, Ռուսական խանութները իրենցը պիտի ընեն։ Շատ անորակ, համարեայ չաշխատող ժամացոյց մը ղրկեր են։ Լոյսի կոճակը երբ կը սեղմես՝ ժամացոյցի թիւերը կ՚անհետանայ։ Շղթան կարծես կէս երկաթ է, կէս՝ պլաստիկ։

Մէկ֊երկու օր մը գործածեց, ու ըսաւ «վայ էլ նեռվերս չի հերիքում, ամէն անգամ կպնելուց սեղանին մէջքը կոտրվելու պէս ձայներ ա հանում»։

Այսպիսով այդ ժամացոյցը մնաց պահարանին մէջ։

Ես, անուշտ, ամէն մի քանի ամիսը մէկ կամ ժամացոյց կառնեմ, կամ իմ եղած ժամացոյցներուն հետ կը խաղամ։ Օր մը այս բենդը կը դնեմ, օր մը այն։ Մինչեւ որ օր մը մեր ժամացոյցներէն մէկուն բենդը մաշուաւ ու կտրուաւ։ Օր մըն ալ Լիլիթինը կտրուաւ։ ու ասանկ անբենդ անթեւ ժամացոյցներ կը հաւաքուին մեր դարակին մէջ։

Տեսնալով թէ ինչքան ժամացոյց կայ, որոշեցի խումբ մը բենդեր առնել, եւ վերջապէս հասաւ անցեալ շաբաթ։

Չնայած անոր, որ բենդերէն մէկը փոխած էի այս տարի, որակը հեչ չի հաւնեցայ։ եթէ երկաթը սուղ է՝ մարդ պլաստիկ կը գործածէ, բայց իմ այս բենդս կարծես պլաստիկին պլաստիկը ըլլար։

Վերջապէս որոշեցի ամէն ինչ փոխեմ նոր, շատ որակեալ բենդերով։

Մէկ ալ յիշեցի, որ դարակին մէջ ունինք շատ անուշ R2-D2֊ի ժամացոյց մը, որուն լոյսը չաշխատիր, շղթան՝ սարխաթ է, կողքերէն՝ մաշուած է, բայց ախր շա՛տ անուշիկ է։

Ու անցայ գործի։

Կէս ժամ մը չարչարուելէն յետոյ, արդէն աղուոր բան մը ստացայ։ փոխեցի տուփին մէջ եղած ժամացոյցի կտորը, փոխեցի անորակ շղթաները աղուոր բենդերով ու վերանորոգեցի մնացած բոլոր բենդերը։

Ահա, այս անգամ փաստօրէն աւելի շատ ուրախացայ ո՛չ թէ նոր ժամացոյցներ առելով, այլ եղած ժամացոյցները շինելով ու անուշիկցնելով։

Պէտք է ըսեմ, որ շատ «անժամկետ» են այս Քասիոները, եւ ինչպէս կը գործածէի քսան տարի առաջ, յոյս ունիմ որ եռեսուն տարի յետոյ ալ աս ժամացոյցները կը գործածեմ, օրս գեղեցկացնելու համար։

Ասանկ բաներ…